Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, ժամը 15.00-ին, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ կը կազմակերպէ «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» (հեղինակ` Հրանոյշ Յակոբեան) մենագրութեան շնորհանդէսը, որ տեղի կ’ունենայ ՀՀ ԳԱԱ Նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ (հասցէ` Մարշալ Բաղրամեան պողոտայ 24, 2-րդ յարկ):
Մենագրութեան շնորհանդէսին հրաւիրուած են պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, ակադեմիկոսներ, վերլուծաբաններ, փորձագէտներ:
Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» աշխատութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:
Աշխատութեան ուսումնասիրութեան առարկան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ընթացքն է, արդիւնքները եւ հեռանկարները:
Առաջին անգամ փորձ կ’ըլլայ ուսումնասիրել յարափոփոխ աշխարհի մէջ «Սփիւռք» հասկացութիւնը, ընդհանրական կերպով ներկայացնել Հայկական սփիւռքի ծագման, ձեւաւորման, զարգացման պատմութեան փուլերը, արդի վիճակը, առանձնայատկութիւնները: