Սա պէտք է ըլլար պետականութեան կայացման առաջին օրերուն, թէ ինչու առաջին հանրապետութիւնը փլուզուեցաւ, որոնք էին ատոր ջատագովները, որոնց ջանքերով ատիկա եղաւ: Թումանեանի թանգարանին մէջ բացուած, յետոյ արգիլուած «Խավարում» ցուցահանդէսին մասին Կոմիտաս թանգարան-հիմնարկին մէջ լրագրողներուն ըսած է երգահան Տիգրան Մանսուրեան:
«Չըսե՞նք, որ Չարենցը 40 տարեկանին բանտին մէջ զոհուեցաւ, ինչո՞ւ 46-47 տարեկանին անհասկանալի ձեւով Սեւակը գնաց: Չըսե՞նք իրականութիւնը։ Պետք է մաքրուինք այդ ցաւէն: Ատիկա չեղաւ: Մենք թաքցուցինք, կ՛աշխատինք թաքցնել»,- «Թերթ․ամ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Տիգրան Մանսուրեան:
Ան ըսած է, որ ինք կը յարգէ զանոնք, որոնք խորհրդային իշխանութեան տարիներուն մեր ձեռքբերումները գնահատել գիտեն եւ չեն ուզեր այս գնահատականը մերժել: Հասկանալի է, բայց իրողութիւնը նոյնպէս պէտք է ըսուի:
«Յարգելով այս մարդոց ձեռքբերումները` կան այդպիսի մարդիկ, ես անոնց չեմ կրնար մեղադրել, բայց ցաւէն պէտք է ազատուիլ: Չարենցի պէս մարդուն կը տանին այդպէս ոռնալով վերջը կը դնե՞ն: Այնպէս չէ, որ ուրիշ ազգերու մեծերուն մէջ չեն եղած այդպիսի բաներ: Սա մարդկային ցաւ է: Մեզի ալ հասած է այդ ցաւը, մենք ալ պիտի ցաւինք, պիտի գիտակցինք, որ մենք յանցանք գործած ենք, եւ ատիկա պէտք է բարձրաձայնուի»,-ըսած է ան:
Երգահանի գնահատումով Թումանեանի անուան թանգարանի տնօրէնը` Նարինէ Թուխիկեանը, լաւ աշխատանք կը տանի, շուտ պէտք է կատարուէր ատիկա: Շատոնց պէտք էր «Խաւարում»-ը ցուցադրուէր, եւ այսօր այդ խնդիրը չէր ըլլար:
«Այսօր, երբ մենք ունինք Արցախի հարց, ունինք ահաւոր լարուած ժամանակաշրջան, շատ լուրջ հոգերով` տնտեսական, արտագաղթի, պատերազմական եւ այլն, եւ այլն: Հսկայական հոգերու մէջ սա պէտք է մաքրուած ըլլար: Ասիկա պէտք է այսօր չըլլլար, բայց եթէ համընկած է, թող ըլլայ ու անցնի»,-եզրափակած է Տիգրան Մանսուրեան:
Յիշեցնենք, որ շուրջ 22 օր տեւած «Խավարում» ցուցահանդէսը, որ կը նախատեսուէր ցուցադրել մինչեւ աշնան վերջ, մշակոյթի նախարարութեան որոշումով Սեպտեմբեր 9-ին փակուեցաւ: Ցուցահանդէսը Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի մուտքի բացօթեայ տարածքին մէջ էր եւ կը ներկայացնէր ստալինեան բռնութիւններու զոհերը, որոնց շարքին էին նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի երեք որդիները: