Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Բարձրացաւ Ֆիլմարուեստի «Ոսկէ Ծիրան» Միջազգային Փառատօնին Վարագոյրըը

$
0
0

Կիրակի, 9 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան, Երեւանի մէջ բարձրացաւ «Ոսկէ Ծիրան» ֆիլմարուեստի 14-րդ միջազգային փառատօնին վարագոյրը:

Աւանդոյթի համաձայն նախ կատարուեցաւ ծիրանի օրհնութիւն, ապա «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մօտ` Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ հայ ֆիլմարուեստի մեծերուն յիշատակին աստղերու բացում: Այս տարի կատարուեցաւ Ֆրունզէ Դովլաթեանի, Եուրի Երզնկեանի եւ Սերկէյ Իսրայէլեանի աստղերուն բացումը:
Փառատօնին հիւրերը աւանդական կարմիր գորգին վրայէն անցնելով մուտք գործեցին «Մոսկուա» շարժանկարի սրահը, ուր տեղի ունեցաւ փառատօնին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Փառատօնին այս տարուան բացման ժապաւէնը Համօ Բեկնազարեանի «Խասփուշ»-ն էր, որ կը զուգադիպէր ժապաւէնի պատրաստութեան 90-ամեակին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ օտարերկրացի հիւրեր, դեսպաններ, արուեստասէրներ, պաշտօնակատարներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան նշեց, թէ շատ ուրախ է, որ յառաջիկայ օրերուն աշխարհի ամենատարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած հանրութիւնը գունաւոր ժապաւէններու միջոցով կրնայ հաղորդակցիլ տարբեր ժողովուրդներու երազներուն ու ցանկութիւններուն:
«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին մասնակցութեան համար 96 երկիրներէ ստացուած 1100 դիմումներէն ընտրուած է 47 ժապաւէն: Անոնք պիտի ցուցադրուին 3 մրցութային ծրագիրերու մէջ:
«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մէկն է: Ան սկսած է 2004 թուականին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415