Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Իր Տարեկան Ելոյթով Նոր Ոստում Մը Արձանագրեց

$
0
0

1, 2, 7, 8 եւ 9 յուլիսին Էշրեֆիէի «Մոնօ» թատերասրահին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը հանրութեան ներկայացաւ իր տարեկան ելոյթով` պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավարներ ունենալով Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը:

Պարային ելոյթը սկսաւ «Շուշի» պարով, որմէ ետք ներկայացուեցան «Աշխարհումն», «Յաղթանակ», «Ուզունտարա», «Վալս», «Ճանապարհ» պարերը: Պարուսոյց Ժաքլին Մակինեանի «Մայրիկ» մենապարէն ետք ելոյթին առաջին մասը աւարտեցաւ «Անվերադարձ» պարով:
Կարճ դադարէ մը ետք երկրորդ բաժինով «Քնար»-ը ներկայացուց վրացական, արեւելեան, գնչուական, ինչպէս նաեւ թանկօ, «Խաղ պար» եւ այլ պարեր: Այս բաժինով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Տհոլահարներու համոյթը` երկու կատարումներով:
Այս տարի «Քնար»-ի վարչութիւնը յղացած էր գեղեցիկ գաղափարը հիւրընկալելու «Քնար»-ի նախկին պարողները, որոնք հանդէս եկան պարով մը: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ նաեւ անոնց անցեալի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը: Պարային ելոյթը փակուեցաւ «Վերի-վերի/ Քոչարի» ազգագրական պարով:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը 60 տարի հայ եւ օտար բեմեր զարդարելէ, Լիբանանի թէ այլ գաղութներու մշակութային կեանքը հարստացնելէ ետք, իր այս տարուան ելոյթով անգամ մը եւս հանդիսատեսներուն պարգեւեց հայկական պարարուեստի բարձրորակ մթնոլորտ` լիբանանահայ պարարուեստի պատմութեան մէջ արձանագրելով նոր ոստում մը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles