Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

«Հարսանիք Թիկունքում»

$
0
0

Յ.ԳՆԴՈՒՆԻ

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ 8 նոյեմբեր 2018-ին ներկայացուց «Հարսանիք թիկունքում» ողբերգակատակերգութիւնը` հեղինակութեամբ Անահիտ Աղասարեանի եւ բեմադրութեամբ Լութֆիկ Յարութիւնեանի:

Գիւմրիի պետական տրամաթիքական թատրոնը հիմնուած է 1928-ին: 1988-ին բեմադրիչ Յ. Ղազանչեան զայն կը վերանուանէ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան թատրոն ու կը դառնայ խումբին ղեկավարը` մինչեւ 1994:

1994-էն 1998 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակի դափնեկիր, շարժապատկերի բեմադրիչ Ալպերթ Մկրտչեան կը ղեկավարէ թատրոնը:

2004-էն 2014 թուականներուն թատրոնին գեղարուեստական ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ փրոֆ. Նիքոլայ Ծատուրեան:

Ներկայիս` 2014 թուականէն սկսեալ, թատրոնին գլխաւոր բեմադրիչն է Լութֆիկ Յարութիւնեան:

«Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղի նկարչական ձեւաւորումը կամ բեմայարդարումը գործն է Գարեգին Եանգուլեանի: Իսկ երաժշտական յօրինումն ու ձեւաւորումը կը պատկանի երգիչ եւ երաժիշտ Հայկոյի:

Արտասահման ապրող հայկական գերդաստանի մը անդամները զանազան քաղաքներէ կը հաւաքուին Գիւմրի` ներկայ գտնուելու իրենց հարազատին` Արմէնին հարսանիքին: Յանկարծ պատերազմը կը պայթի եւ փեսան` Արմէնը, կէս ձգելով հարսանիքը կը փութայ Արցախ` պաշտպանելու համար հայրենի հողը:

Թատերախաղը կը խօսի իւրաքանչիւր հայու սրտին` անոր մէջ արթնցնելով հայրենասիրական ցնցող զգացումներ: Հոն կը տեսնենք հայ կնոջ քաջարի եւ հայրենասէր կերպարը:

Հայը չի յուսահատիր, լաւատեսութիւնը կը յաղթէ ամէն բանի, եւ ան կը շարունակէ պայքարելով ապրիլ: Թատերախաղը համամարդկային է իր շօշափած նիւթով: Հոն կը հանդիպինք հայ մարդու մտածելակերպի զանազան տեսակներու, որոնք այսօր գոյութիւն ունին թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ:

«Վարդան Աճէմեան»-ի անուան թատերախումբը առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Լիբանանի մէջ: Լիբանանահայ հանդիսատեսը, որ ունի թատերական ճաշակ եւ որակ, կրցաւ ընկալել սոյն թատերախաղը եւ երկար ծափահարութիւններով գնահատեց գիւմրեցի դերասաններուն ելոյթը:

Դերերով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Սուսաննա Պաղտասարեան (Կորան), Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակի դափնեկիր Անահիտ Յարութիւնեան (Սանամ), Արմէնի դերը կատարեց Տարօն Գրիգորեան, Արամի դերով հանդէս եկաւ Արսէն Սաղաթերեան, իսկ Անիի դերով` Ճեմմա Ադամեան: Սամուէլի կերպարը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Գաբոյեան, իսկ Ռազմիկի դերը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս Յովհաննիսեան:

Զանազան դերերով բեմին վրայ էին նաեւ Արկադի Ղարագուլեան (Աշոտ), Նառա Սանթոյեան (Լալա), Յասմիկ Վիրաբեան (Լուսինէ), Տիանա Մացոյեան (Անժելա) եւ Մանէ Մխոյեան (Ռուզան):

Պէտք է ըսենք, որ արհեստավարժ խումբի դերասաններու վայել բարձր որակի եւ բնական խաղարկութիւն մը ցոյց տուին Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական թատրոնի դերասանները:

Իսկ երաժշտութիւնը հոյակապ էր, թատերախաղին յարիր եւ հայկականութիւն բուրող, հայու զգացումները արթնցնող երաժշտութիւն էր` հայեցի յօրինումով:

Մեծապէս գնահատելի է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան Հայաստան – սփիւռք համագործակցութեան նախաձեռնութիւնը: Շնորհակալութիւն Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին, որ լիբանանահայութեան պարգեւեց թատերական բարձրորակ ներկայացում մը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles