Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Ամերիկայի Մէջ Պիտի Ցուցադրուի Հայաստանի Կողմէ «Օսքար»ի Թեկնածութեան Համար Ներկայացուած «Սպիտակ» Ֆիլմը

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա»- Սպիտակի երկրաշարժի մասին պատմող ռուս բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոթի «Սպիտակ» ֆիլմը, որ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած եւ ընդգրկուած է 2019ի «Օսքար»ի լաւագոյն օտար շարժապատկերներու թեկնածուներու նախնական ցանկին մէջ, պիտի ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։

«Թասս» լրատու գործակալութեան այս տեղեկութիւնը փոխանցած բեմադրիչը նշեց, թէ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Ուաշինկթընի, Մայամիի, Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ:

«Ինչ կը վերաբերի «Օսքար»ի թեկնածու հաւանականութեանց, կը կարծեմ, որ լաւ են, ինչպէս բոլոր ֆիլմերու պարագային, բայց այդքան ալ մեծ չեն: Մեր ֆիլմը չցուցադրուեցաւ Քանի եւ Պերլինի նման հեղինակաւոր փառատօններուն մէջ եւ այդ պատճառով յաղթանակի ակնկալիք չունիմ, բայց նոյն ժամանակ Հայաստանի կողմէ «Օսքար»ի ներկայացնելը, մեծ քայլ է», ըսաւ ան:

«Օսքար»ի թեկնածուները յայտնի պիտի դառնան 22 Յունուար 2019ին, իսկ անոր 91րդ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Փետրուարին:

Հայ-ռուսական համատեղ արտադրութիւն հանդիսացող «Սպիտակ» ֆիլմը 1988ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին է: Անիկա պատրաստուած է երկրաշարժի 30րդ տարելիցին առիթով, aԽրիմի եւ Հայաստանի մէջ:

Ֆիլմին հերոսը՝ Գոռը, հեռացած էր Հայաստանէն աւելի լաւ կեանքի փնտռելու: Երկրաշարժէն ետք, ան Մոսկուայէն կը վերադառնայ հայրենիք՝ գտնելու իր տունը եւ ընտանիքը, սակայն, արդէն ուշ էր եւ աղէտը ամէն ինչ ոչնչացուցած էր: Աղէտի վայրին մէջ Գոռ կը հանդիպի զանազան կերպարներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անձնական ողբերգութիւնը ունի: Տեղացիները կը փորձեն գտնել իրենց սիրելիները՝ ողջ կամ մահացած, իսկ բժիշկները կը փորձեն օգնել փրկուածներուն, օր ու գիշեր աշխատելով, հակառակ դեղերու պակասին: Զինուորները եւ կամաւորները՝ վտանգելով իրենց կեանքը, կը մաքրեն փլատակները, իսկ Գոռ կը շարունակէ փնտռել կինը եւ զաւակը, որոնք տակաւին ողջ էին, բայց փլատակներու տակ:

Բեմագրութեան հեղինակը Մարինա Սոչինսքայան է, իսկ երաժշտութեանը՝ Սերժ Թանգեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles