Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ՖԻԼՄԱՐՈՒԵՍՏԻ ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

$
0
0

Երեւանի մէջ հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Ֆիլմարուեստի «Ոսկէ Ծիրան» 14-րդ միջազգային փառատօնին փակումը: Փառատօնին վարագոյրը իջաւ Ճօ Պերլինկէրի « Բնաջնջման Մտադրութիւն» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ: Փառատօնին նախագահութիւնը «Վարպետ» յատուկ մրցանակը շնորհեց Ճօ Պերլինկէրին:

«Փառատօնի ընթացքին քանի մը ժապաւէն դիտած եմ եւ պէտք է ընդգծեմ, թէ «Ոսկէ Ծիրան»ը իրական երեւակայական հրավառութիւն էր եւ անոնք, որոնք չհաղորդուեցան փառատօնին, շատ բան կորսնցուցին». նշեց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը:
«Ոսկէ Ծիրան» ֆիլմարուեստի փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանի խօսքով՝ ֆիլմարուեստի բոլոր օճախները պէտք է բռունցք դառնան եւ համատեղ աշխատին Հայաստանի մէջ, ֆիլմարտադրութիւնը զարգացնելու նպատակով.« Պէտք է միասին գործենք, այլ ոչ՝ իրարու դէմ». շեշտեց ան:
« Ոսկէ Ծիրան»ը միջազգային ֆիլմարուեստի փառատօնը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մշակութային մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է: Ան հիմնուած է 2004-ին: «Ոսկէ Ծիրան»ի հիմնադիրներն են՝ փառատօնի գլխաւոր տնօրէն եւ բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանը, Ֆիլմարուեստի քննադատ Միքայէլ Սթամպոլցեանը եւ գեղարուեստական տնօրէն, ֆիլմարուեստի քննադատ Սուսաննա Յարութիւնեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles