Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Հայկական Հոգեւոր Եւ Ժողովրդային Երգերու Երեկոյ` Համազգայինի «Գուսան» Սենեկային Երգչախումբին Կատարողութեամբ

$
0
0

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երէկ` երկուշաբթի, 3 յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» սենեկային երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Եկեղեցին լեցուցած արուեստասէրները աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին առիթը ունեցան ըմբոշխնելու հայկական հոգեւոր եւ ժողովրդային գանձարանէն իւրայատուկ նմուշներ, ինչպէս նաեւ ստեղծագործութիւններ, որոնք իրենց նորութեամբ հարստացուցած էին խումբին երգացանկը:
Համերգը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի «Խորհուրդ խորին»-ով, մենակատար` Կարօ Քելեշեան, ապա Րաֆֆի Այվազեան երգեց «Յայս յարկ»-ը: Անկէ ետք խումբը երգեց Մակար Եկմալեանի «Միայն սուրբ»-ը, որուն միաձուլուեցաւ մենակատար Շողիկ Թորոսեանի «Ամէն հայր սուրբ»-ի իւրայատուկ կատարումը: Բ. Կանաչեանի «Երազ»-ն ու «Ծիծեռնակ»-ը հարազատութեամբ հնչեցին, իսկ լիբանանահայ հանդիսատեսին համար նորութիւն էր Վ. Բեգոյեանի «Սանդի երգ»-ը, որուն մեկնաբանման ընթացքին մենակատարութեան բաժինով հանդէս եկան Կարինէ Անդրանիկեան, Մարալ Շաննաքեան եւ Սիրան Արծրունի: Ապա գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ հնչեցին Կ. Մուրզայի «Աղջի դու սիրուն»-ը, «Ալագեազ բարձր տեղ ա»-ն, «Քեզի մեռնեմ»-ը եւ «Լեպհօ»-ն:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Շողիկ Թորոսեանի «Հայաստան»-ով, զոր ան մեկնաբանեց ապրումով եւ յուզեց ներկաները, ապա կրկին Կոմիտաս վարդապետին ստեղծագործութիւններէն «Լուսնակ լոս»-ը եւ «Ելա Տանիս»-ը թեւածեցին եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, անկէ ետք խումբը մեկնաբանեց պարերգներու շարք մը` «Եարիս անուն Բալասան», «Վարդ ա, վարդ ա», «Երեւան բաղ եմ առել» եւ «Արեւը կայնէ կէսօր»: Հետաքրքրական էր եւ նորութիւն Պիթըլզի «Լեթ իթ պի»-ի երգեցողութիւնը խումբին կողմէ, որ շարունակեց իր համերգը Ա. Մազմանեանի «Կարմիր վարդ» եւ «Չաղջի» երգերով, անկէ ետք Ա. Մերանկիւլեանի «Լեռներ հայրենի»-ն հզօր ձայնով մենակատարեց Աւետիս Ագրապեան: Յաջորդող երգը` Վ. Բեգոյեանի «Պինկէօլ»-ը ներկայացուցին Կարօ Քելեշեան` հայերէն, եւ Գէորգ Քէօշկերեան` յունարէն: Աւարտին կրկին Բարսեղ Կանաչեանի ստեղծագործութիւնն էր` «Նարօ ջան»-ը, մենակատարներ` Շողիկ Թորոսեան, Խաչիկ Գրիգորեան եւ Աւետիս Ագրապեան:
Երեկոյի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ բարձր գնահատեց երգչախումբին կատարումը եւ գնահատական խօսք ուղղեց խմբավարին ու երգչախումբի անդամներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան խումբի երթին: Ան կարեւոր նկատեց հայկական հոգեւոր դասական երգերը եւ ժողովրդային երաժշտութիւնը թարմ ու կենդանի պահելը, իսկ հայ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ գտնուիլը` յատկանշական եւ խորհրդաւոր: Սրբազան հայրը կարեւոր նկատեց մեր գանձարանին պատկանող գոհարներուն հարազատ ու բիւրեղ մեկնաբանութիւնը` յոյս յայտնելով, որ «Գուսան»-ը կը շարունակէ ըլլալ այդ ուղիին վրայ իր ներդրումը ունեցող կարեւոր տարրը: Շահէ եպս. Փանոսեան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ հայ ազգը իր կեանքով, մշակոյթով եւ գոյերթով ցոյց տուած է, որ չ՛ընկրկիր, չի բնաջնջուիր, այլ կը շարունակէ, կը կերտէ եւ կը վերանորոգուի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles