Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

«Այգ» Երգչախումբի Ելոյթը «Պէյրութ Չենթս»ի Ծիրին Մէջ

$
0
0

Նոր տարուան ու Ս. Ծնունդի առիթով կազմակերպուած «Պէյրութ Չենթս» համերգներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 17 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբի համերգը, մասնակցութեամբ՝ «Կարկաչ» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի:

Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ դաշնակի վրայ Լիանա Յարութիւնեան եւ սրինգով Լոռի Պիլալեան: «Ուշագրաւ ներկայութիւն էր լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը իր թռիչքային ձայնով: Ան մենակատարութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ երեք երգերով՝  «Կարկա»չ երգչախումբին հետ՝ «Լուռ գիշեր», «Աւէ Մարիա» եւ «Փանիս Անժելիքուս», կը նկարագրէ «Ազդակ»:

Համերգի բացման խօսքը անգլերէնով կատարեց «Պէյրութ Չենթս»ի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ան ողջունեց ներկաները եւ բարի վայելում մաղթեց անոնց: Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց համերգը յաջողութեան հասցնող բարերարներուն եւ եկեղեցւոյ հովիւին:

Մէկ ժամ տեւողութեամբ համերգը ընթացաւ առանց ընդմիջումի։

«Այգ» երգչախումբի համերգի վերջին երգն էր «Կիլիկիա» մաղթերգը, մենակատարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի:

Համերգի աւարտին, արաբերէնով ներկաներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան: Ան ըսաւ, թէ համերգին ընթացքին սէրը երգեց, որպէսզի սիրոյ արժէքը գիտնանք ու արժեւորենք, որովհետեւ «Աստուած սէր է»: Ան աւելցուց, որ համերգին ընթացքին երգուեցան նաեւ խաղաղութիւնը, հաւատքը, ուրախութիւնը, ապահովութիւնը եւ Լիբանանը: Ան հետեւցուց, թէ այս երգերով «մարդ»ը արժեւորուեցաւ, եւ մաղթեց, որ լիբանանցի «մարդը» ապրի խաղաղութեամբ իր հայրենիքին՝ Լիբանանի մէջ եւ համերաշխ ըլլայ իր մարդ եղբօր հետ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles