Գանձասար- 21 Յուլիս 2018-ին, Հալէպի «Ոսկետառ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է հալէպահայ գրող, կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ»ուն Բ. հատորը։
Հեղինակին համաձայն, ինչպէս նախորդը, այս մէկը եւս տուրք մըն է մեր փառաւոր մշակոյթին, զմայլելի գրականութեան ու զարմնահրաշ պատմութեան։
Նորատիպ հատորը կը բաղկանայ 320 էջէ ու լոյսին բերուած է որպէս Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարի 22-րդ հրատարակութիւն։ Մեկենասութիւնը ստանձնած է Ֆրանսաբնակ բարերար Տիգրան Ճիէրճեան։ Գիրքին յառաջաբանը ստորագրած է լիբանանահայ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան: