ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հալէպահայ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեանի «Տուներ Առանց Դռներու» ֆիլմը արժանացաւ Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի 34րդ շարժապատկերի միջազգային փառատօնի Վաւերագրական ֆիլմերու գլխաւոր մրցանակին:
Փառատօնի դատակազմը բարձրօրէն գնահատեց Աւոյին հեղինակած ֆիլմը, յատկապէս նկատի առնելով, որ ան պատերազմական պայմաններու մէջ յաջողած է իր տան պատշգամէն աշխարհին ներկայացնել պատերազմին ողբերգութիւնը եւ շեշտել, որ Սուրիոյ հայ եւ արաբ բնակչութիւնը հաւասարապէս զոհ են բարբարոսական արարքներուն:
Փառատօնին ներկայացուած էին նաեւ թրքական, գերմանական, յունական, հոլանտական, արժանթինեան եւ այլ ֆիլմեր:
Աւօ այս շարժապատկերը նուիրեց Հալէպին՝ ըսելով, որ «Հալէպը իր մօրը՝ Սուրիոյ, գիրկին մէջ կ՛արիւնի», եւ աւելցնելով, որ այս մրցանակը պարզապէս քայլ մըն է հասնելու այն արդարութեան, որուն կը ձգտի հայ ժողովուրդը հարիւր տարիէ ի վեր:
Աւօ նաեւ հաստատեց. «Հայերը յաճախ կը շեշտեն, թէ երկրորդ Ցեղասպանութիւն մը պիտի չապրին, սակայն, ցաւ ի սիրտ, այսօր ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուի ոչ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ Իրաքի ու Պաղեստինի ժողովուրդը»։