Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Փարիզի մէջ ներկայացուեցաւ Վռամշապուհ Քիպարեանի Թարգմանած «Տերսիմ» Հատորը

$
0
0

1900 թուականին, Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած է «Տերսիմ. Ճանապարհորդութիւն Եւ Տեղագրութիւն» խորագրեալ հատորը, ոմն ճանապարհորդ Անդրանիկի հեղինակութեամբ: Յետագային ի յայտ եկած է, որ գրողին մականունը Երիցեան է, սակայն գիրքի կողքին վրայ միայն Անդրանիկ գրուած է: Սոյն հատորը ֆրանսերէնի թարգմանած է Վռամշապուհ (Ժան–Փիեռ) Քիպարեան. hրատարակչատուն՝ Societe Bibliophilique ANI, Նոյեմբեր 2017:

Մայիս 14-ին, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ, Քիպարեանի թարգմանած գիրքի ներկայացման երեկոյթ մը կազմակերպած էր Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը:

Վարչութեան ատենապետուհի Հուրիկ Պաղտասարեան բացումը կատարելով՝ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց թարգմանիչը, որ ասպարէզով ատամնաբոյժ է եւ Ֆրանսայի Հայ բժիշկներու միութեան գործունեայ անդամ: Ան 23 տարի առաջ հիմնադրած է «Հին գիրքերու տօնավաճառ»ը (Salon du livre ancien):

Վերջին տարիներուն, ամառնային արձակուրդը Հայաստան կ՛անցընէ եւ քոյր Արուսեակի տարեկան ճամբարին մասնակցող որբ կամ անապահով ընտանիքներու զաւակներուն բժշկական օժանդակութիւն կը տրամադրէ: Փոքր տարիքէն գիրքերու սիրահար եղած է: Հիմնած է «Անի» հրատարակչատունը, որուն չորրորդ հրատարակութիւնն է «Տերսիմ»ը:

Այնուհետեւ խօսք առա Քիպարեան եւ հատորին մասին հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդեց: Ան ըսաւ, թէ հեղինակի կենսագրական տուեալները անյայտ են եւ բազմաթիւ հետազօտութիւններէ ետք կրնայ ըսել միայն, որ ենթակային մականունը Երիցեան եղած է եւ «Տերսիմ»ը՝ անոր միակ ժառանգութիւնը: 1888-էն 1895 տարիներուն Անդրանիկ երկու անգամ ճամբորդած է Խարբերդի հիւսիսը գտնուող լեռնային Տերսիմի շրջանը, ուր կ՛ապրէին քիւրտեր, ալեւիներ, հայեր, զազաներ…։ Քով քովի բնակութիւն հաստատած էին յատկապէս ալեւի ղիզիլպաշ ցեղը եւ հայկական Միրագեան տոհմը: Քիպարեան պատմեց, թէ այս գիրքը թարգմանելու գաղափարը յառաջացած է Փարիզի մէջ Էրուան Քերիվելի հետ հանդիպումէն ետք, երբ այս վերջինը կը ներկայացնէր իր Les fils du soleil, Armեniens et Alեvis du Dersim» հատորը: Այս իւրայատուկ տարածաշրջանը իր ուշադրութիւնը գրաւած է, նկատի ունենալով, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները հոն ապաստան գտած են, եւ որոնք 1936-1938 տարիներուն զոհ գացած են քեմալական բանակի յարձակումներուն, երբ թշնամին ծրագրած էր բնաջնջել Տերսիմի ալեւիները եւ հայութեան մնացորդացը: «Նկատի ունենալով, որ այսօր ալ կը շարունակուի թրքական ժխտողական քարոզչութիւնը եւ ձուլման քաղաքականութիւնը, իսկ իշխանութիւններու կողմէ գործադրուած բռնարարքները կը մնան լռութեան ծածկոյթին տակ, որոշեցի որպէս վկայութիւն թարգմանել այս ճամբորդական տեղեկագրութիւնը», նշեց Քիպարեան:

Հարցում-պատասխանի բաժինով աւարտեցաւ երեկոյթը:

ՄԼ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles