Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Գիտաժողով՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութութեան Կրթական Եւ Մշակութային Կեանքին Մասին

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ.- 15էն 16 Մայիսին տեղի ունեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ գործակցութեամբ կազմակերպուած՝ «Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներին» գիտաողովը:

15 Մայիսի բացման նիստին ողջոյնի խօսքով եւ նման թեմաներով գիտաժողովներու կարեւորութեան մասին հանդէս եկան ԵՊՀ վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրիչեան:

Երեւանի Պետական համալսարանի կեդրոնական շէնքին մէջ կայացած գիտաժողովին 1918-1920 տարիներու Հայաստանին նուիրուած կարճ զեկուցումներով հանդէս եկան 24 մասնագէտներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Զեկոյցներու հիմնական արանցքը կրթական եւ մշակութային կեանքն էր, եւ այս արանցքին մէջ թեմաները բազմազան եւ բազմաբնոյթ էին:

Առաջին նիստին ներկայացուեցան այդ տարիներու կրթական եւ մշակութային քաղաքականութիւնը, կրթութեան կազմակերպումը, դպրոցական համակարգը եւ Սփիւռքի հետ կապերը:

Երկրորդ նիստին զեկուցաբերները ներկայացուցին կրթական-մշակութային կեանքին մէջ եկեղեցւոյ մասնակցութեան, արուեստի ու հայերէն ձեռագիրներու հանդէպ առաջին Հանրապետութեան ընթացքին մշակուած քաղաքականութիւնը, Ազգային գրադարանի կազմաւորումը ու 1991-2018 տարիներուն հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններու անդրադարձը առաջին Հանրապետութեան պատմութեան:

Երրորդ եւ չորրոդ նիստերու զեկուցաբերները առաւելաբար գրական նիւթեր արծարծեցին: Ներկայացուեցան Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ընթացքին ստեղծուած գրականութիւնը, կրթական եւ մշակութային հարցադրումները, այդ տարիներուն Յովհաննէս Թումանեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի գրական գործունէութիւնն ու աշխարհայեացքը, Զ. Խրախունիի մօտ պետական խորհուրդներու այլաբանութիւնը, Սասնայ Ծռեր դիւցազներգութեան գրառումները: Ներկայացուեցան նաեւ զեկոյցներ՝ Կոստան Զարեանի «Նաւը Լերան Վրայ» վէպի եւ Երուանդ Ֆրանքեանի մասին:

Իւրաքանչիւր նիստի աւարին տեղի ունեցած քննարկումները կը խօսէին նիւթերու հանդէպ ստեղծուած հետաքրքութեան մասին: Ուշագրաւ էին առաջին եւ երրորդ հանրապետութիւններու միջեւ ընդգծուած զուգահեռները, որոնց ընդմէջէն աւելի կը շեշտուէին առաջին հանրապետութեան պետական ճիգերը՝ ունենալու համար արդիական, ամուր եւ ազգային կրթական-մշակութային համակարգ:

Հայաստանի առաջին անկախութեան 100ամեակին ու Համազգայինի 90ամեակին առիթներով կազմակերպուած այս գիտաժողովը յաջողեցաւ իրականացնել իր նպատակը՝ համակողմանի կերպով գիտական եւ արդիական չափանիշներով քննելով հարիւր տարի առաջ ձեւաւորուած գրական-մշակութային կեանքը, լուսարձակի տակ առնելով գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի պետական քաղաքականութեան հիմքերը, անդրադառնալով բարձրագոյն կրթական օճախներու եւ այլ ազգային հաստատութիւններու կազմաւորման եւ այլ նիթերու: Անիկա նախանշեց շատ լայն շրջանակ մը նիւթերու, որոնք արժանի են աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութեան ու ներկայացման, մանաւա՛նդ երբ ատոնք կը վերաբերին մեր պետականութեան պատմութեան կարեւոր մէկ շրջանին՝ առաջին Հանրապետութեան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ

ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles