Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Իզապէլ Պայրաքտարեան՝ «Ճունօ» Մրցանակի Թեկնածու

$
0
0

Ասպարէզ- Գանատահայ յայտնի սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեանի «Լոյսի Մայր» («Mother of Light») գործը, որ նուիրուած է հայկական եկեղեցական երգերու, հինգ թեկնածուներէն մէկը ընտրուած է Գանատայի «Ճունօ» մրցանակին, դասական երաժշտութեան ձայնային կամ երգչախմբային դասակարգին մէջ։

«Ճունօ»ն կը մեծարէ Գանատայի կամ գանատացիներու կատարած երաժշտական իրագործումները։ Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 25ին, Վենքուվըրի մէջ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles