Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Մանկագիր Նունէ Սարգիսեան…Նաեւ Նկարիչը

$
0
0

Նունէ Սարգիսեան ծնած է Երեւան։ Համասարանական ուսումը ստացած է  Երեւանի Պետական համալսարանի Ռոմանա-գերմանական  բաժնին մէջ։ Ան

ամուսնացած է գիտնական, ՀՀ երբեմնի վարչապետ, Միացեալ Թագաւորութեան այժմու դեսպան եւ ՀՀ նախագահական թեկնածու, Տոքթ. Արմէն Սարգիսեանի հետ։

Դեռ համալսարանական ուսանող՝ Ն. Սարգիսեանի հէքիաթները տպագրուած են սովետահայ մանկական ամսագիրերու մէջ։ Ան ծանօթ անուն մը դարձաւ միջազգային գրական շրջանակներէն ներս որպէս մանկագիր, երբ անոր հէքիաթները հրատարակուեցան բացի հայերենէ ՝ նաեւ անգլերէն, ռուսերէն եւ ուկրաներէն լեզուներով։

Ժամանակին հանգամանօրէն անդրադարձած եմ Նունէ Սարգիսեանին որպէս գրող, եւ գրախօսած՝ անոր գիրքերը, բայց ինչ կը վերաբերի “Նունէ Սարգիսեան նկարիչին“, անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, որ զարմանքով կարդացի Everard Read (Էվերարտ Ռիտ) պատկերասրահէն ինծի ղրկուած հրաւիրատոմսը, որով կը հրաւիրուէի ՆունէՍարգիսեանի նկարներու ցուցահանդէսի բացումին, 30 Յունուար, 2018-ին։

Գեղանկարիչ Էդման Այվազեանէն իմացած էի տարիներ առաջ, որ Արուեստի Արքայական Ակադեմիային մէջ Նունէն դասախօսութիւն մը տուած էր Հայաստանի նկարիչներու մասին, արժանանալով մասնագէտ ունկնդիրներու՝ որոնց կարգին նաեւ՝ իր հիացումին։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ Այվազեանին խօսքերը. Ես  մինչ այդ, նման մասնագիտական լուրջ ու չափազանց հետաքրքրական դասախօսութիւն չէի լսել Հայաստանի նկարիչների մասին։

Այվազեանի խօսքերը զարմանք չէին պատճառած ինծի, քանի տեղեակ էի Նունէի կենսագրութեան եւ գիտէի որ ան արուեստերու՝ յատկապէս նկարչական արուեստի պատմութեան մասնագէտ էր եւ Լոնտոնի Համալսարանի Կոլտսմիթս Քոլեճի Արուեստագիտութեան բաժինէն ունէր  Մաքիստրոս Արուեստից կոչումը (MA)։ Զարմանալին այն էր, որ ցայդ տեղեակ չէի որ Նունէ Սարգիսեանը է նաեւնկարիչ։

Արդ, հաճելի անակնկալ մը եղաւ ինծի համար 30Յունուարի գիշերը ծանօթանալ  Նունէ Սարգիսեանի նկարներուն եւ ողջունել զայն նաեւ…որպէս նկարիչ։

Ցուցադրուած էին Նունէի գրեթէ ամբողջութեամբ սեւ ու սպիտակ ութ ստեղծագործութիւնները. “գրեթէ ամբողջութեամբ” ըսի, որովհետեւ նկարներէն ոմաց վրայ կար կարմրաւուն գոյնի թեթեւ  հուպ մը։

Առաջին հայացքէն իսկ Նունէի վերացական (abstract) նկարները զիս տպաւորեցին իրենց  պարզութեամբ, անկեղծութեամբ յագեցած գիծերու եւ ձեւերու նրբութեամբ։  Ի դէպ է նշել, որ Նունէի նկարները ունին ինքնատիպ ոճ։ Անոնք ոչ միայն զերծ են ուրիշ նկարիչներու  ազդեցութենէն, այլ նաեւ ստեղծագործուած չեն այս կամ այն նկարչական դպրոցին պատկանելու ճիգէն թելադրուած։ Հեղինկին անկեղծ ու անկաշկանդ ապրումներէն ծնած ութ նկարներն ալ գծուած են մելանով, ձեռքով պատաստուած հնդկական թուղթի վրայ։

Հեղինակը ցուցադրուած նկարներէն մէկը կը կոչած “Թէյ Քենտինսքիի հետ (Tea with Kendinsky)։ Թելադրուած Նկարի խորագիրէն, դժուար չէ գուշկել որ Նունէ Սարգիսեան ոչ միայն բարձր կը գնահատէ ռուսական մեծ վարպետներէն մէկուն արուեստը, այլ նաեւ կը բաժնէ նկարչութեան նկատմամբ անոր ունեցած փիլիսոփայութիւնը։ Քենտինսքիի բազմաթիւ ընդհանրացումներէն մէջբերենք միայն երկուքը, որոնք որոշ չափով, իմ կարծիքով, նկարչական արուեստի հանդէպ Նունէ Սարգիսեանի մօտեցումը.

 

  1. ”Նկարիչը ո’չ միան իր տեսողութիւնը, այլ նաեւ իր հոգին պէտք է զարգացնէ”։

 

  1. Արուեստի մէջ պէտք Է գոյութիւն չոնի, քանի որ արուեստը կաշկանդում չի ճանչնար։

 

Ցուցածանդէսին նուիրուած յայտագրին մէջ Ն. Սարգիսեան արուեստի նկատմամբ իր ունեցած փիլիսոփայութեան կը բնութագրէ հետեւեալ բառերով.

 

Ստեղծագործելը ինծի երջանկութիւն եւ գոհունակութիւն կու տայ։Անունս պարուրաձեւ (spiral) կը ստորագրեմ [որ] կը խորհրդանշէ յաւիտենականութիւնը. Թէեւ կեանքը յաւիտենական է, բայց մենք եկած ենք այս աշխարհ բան մը ընելու՝ ստեղծագործութեան մը ծնունդ տալու համար։

 

Տարիներ առաջ Նունէ Սարգիսեանին մաղթեցի նորանոր յաջողութիւններ որպէս գրող, այսօր նոյն մաղթանքները կը հասցէագրեմ իրեն ՝ որպէս նկարիչ։

 

Ասատուր Կիւզելեան

Լոնտոն, 3 Փետրուար, 2018

———————————————————

 

Նունէ Սարգիսեանի  ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ

17-02- 2018

Պատկերասրահի հասցէն է:

Everard Read Gallery

80 Fulham Road

London SW3 6HR

Tel:020 7590 9991

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles