Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Հոկտեմբերին Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Ցուցադրուի Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմ Մը

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Հոկտեմբեր 7ին, Թուրքիոյ շարժապատկերի սրահներուն մէջ պիտի ցուցադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ մը՝ «Քարաւան 1915» անունով։

Թրքական «Ինթերհապեր» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ֆիլմի բեմադրութեան հեղինակն ու բեմադրիչն է Իսմայիլ Կիւնեշ, իսկ արտադրողը՝ Այնուր Կիւնեշ:

Ֆիլմին մէջ օգտագործուած երաժշտութիւնը յօրինուած է Սուրէն Ասատրեանի կողմէ:

Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած այս ֆիլմին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ բռնի տեղահանութիւն: Ֆիլմին մէջ կը պատմուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Սեւ ծովու ափին գտնուող Կիրեսուն շրջանը բնակող 200 հայ կանանց ու երեխաներու դէպի Հալէպ ձգուող եւ փորձութիւններով լեցուն բռնագաղթին մասին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles