Թիֆլիսի մէջ երէկ երեկոյեան աւարտեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2017» երգի մրցոյթը: Հայաստանը ներկայացնող 9-ամեայ Միշան փայլուն կատարեց իր «Պումըրանկ» երգը` յայտնուելով 6-րդ հորիզոնականին:
Առաջին հորիզոնականը գրաւեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչը, երկրորդ հորիզոնականին յայտնուեցաւ Վրաստանը, իսկ երրորդին` Աւստրալիան:
Յիշեցնենք, որ այս տարի քուէարկելու հնարաւորութիւն ունէր նաեւ հանդիսատեսը` առցանց: Յաղթողը որոշուած է ժիւրիի եւ առցանց քուէարկութեան արդիւնքներուն համադրումով` 50/50: