Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Արցախցի Երիտասարդ Դաշնակահարուհին Միջազգային Մրցոյթ-փառատօնին Արժանացած է «Կրան-փրի» Մրցանակի

$
0
0

Ստեփանակերտցի երիտասարդ դաշնակահարուհի Անահիտ Առուշանեան  22 Հոկտեմբերին մասնակցած է Քանարեան կղզիներու մէջ տեղի ունեցած սպանական ամենամեայ միջազգային «Stars at Tenerife» մրցոյթ-փառատօնին եւ արժանացած «Կրան-փրի» մրցանակի:

Ըստ «Արցախփրէս»-ի՝  Նիւ Եորքի «Լոնգ Այլընտ» (Long Island) երաժշտանոցի առաջին տարուան ուսանող Անահիտ Առուշանեան ըսած է, որ փառատօնին կը մասնակցէին 26 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

«Հանդէս եկած եմ Ռախմանինովի, Շոփէնի, Պիզէի, Պրամսի ստեղծագործութիւններով եւ շատ ուրախ եմ, որ իմ կատարումները նման բարձր գնահատականի արժանացած են»,- ըսած է Առուշանեան եւ աւելցուցած, որ բացի «Կրան-փրի» մրցանակէն, ստացած է նաեւ երկու այլ մրցոյթ-փառատօններու մասնակցութեան հրաւէր:

Ան յայտնած է, որ առաջինը տեղի պիտի ունենայ  3-7 Յունուար, Ռուսիոյ Ս․Փեթերզպուրկ քաղաքին մէջ, ուր պիտի կայանայ հանրայայտ ռուս դաշնակահար Սաւշինսքիի անուան միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, իսկ երկրորդը` Ապրիլին, Գերմանիոյ Պատեն-Ոււրթեմպըրկ երկրամասին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles