Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Տեղի Պիտի Ունենայ «Ծիրանի Ծառ» Վաւերագրական Շարժանկարի Փառատօնը

$
0
0

«Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային 3-րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ  1-5 Հոկտեմբեր ,  Երեւան եւ Արագածոտնի մարզի Ուջան գիւղին մէջ։ Փառատօնի երկու մրցութային` կարճամետրաժ եւ լիամետրաժ ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած են 30 ֆիլմ` 25 երկրէ: Ֆիլմերը ընտրուած են այս տարի փառատօնի ստացած շուրջ 1650 յայտէ:

«Ծիրանի ծառ»ը «ֆիլմադարան» կինոմշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնն է:

Փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի «Մոսկուա» կինոթատրոնին մէջ  «Մի ամրան խրոնիկա» (1961) ֆիլմի ցուցադրութեամբ` նուիրուած անուանի ֆրանսացի բեմադրիչ ժան Ռուշի 100-ամեակին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles