Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Նոր Հրատարակութիւն

$
0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի 90-րդ հատորը` «Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ. փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածու» Բ. հատոր: Գործին խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գոհար Աւագեանը:

Հատորը կը բովանդակէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին արխիւները, որոնք կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլկիիոյ կաթողիկոսութեան արխիւատան մէջ: Հատորին մէջ նաեւ ներառուած են երջանկայիշատակ կաթողիկոսին առաքած եւ ստացած նամակները` հոգեւորականներու, գիտնականներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, հասարակական գործիչներու, բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու հետ: Փաստաթուղթերը կը վերաբերին հայ ժողովուրդին եւ հայոց պատմութեան, յատկապէս` 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսի, առանցքային հարցերուն, ինչպէս նաեւ առիթ կ՛ընծայեն Գարեգին Ա. կաթողիկոսին գործունէութիւնը կարդալ տուեալ նիւթերուն բերած տարբեր երեսակներու ներքոյ` գործին տալով գիտական արժէք:

Հատորը կը սկսի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին վկայութեամբ: Նորին սրբութիւնը կը յայտնէ, որ երջանկայիշատակ կաթողիկոսը կը պատկանի պատմութեան յաւերժութեան. ան իր ողջ կեանքը նուիրելով հայ մշակոյթին ու հայրենիքին եւ հաւատքին ու դպրութեան հոգեմտաւոր ծառայութեան` դարձած է եզակի դէմք մը իր բազմազան շնորհքներով եւ արժանիքերով: Հայրապետը կը նշէ, որ` «Կիլիկեան հայրապետական Ս. Աթոռի գահին վրայ Գարեգին Յովսէփեան դարձաւ աստուածարեալ հովուապետ ու մարգարէատեսիլ հայրապետ, Շնորհալիներու Աթոռին վրայ` նոր Շնորհալի»:

Հատորը կը բաղկանայ 851 էջերէ եւ 5 բաժիններէ` «Փաստաթուղթեր», «Կոնդակներ եւ օրհնութեան գիրեր», «Անձնանուններու ցանկ», «Տեղանուններու ցանկ» եւ «Փաստաթուղթերու ցանկ»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles