Ֆրանսահայ երգահան, երգիչ Շառլ Ազնաւուր, 13 Նոյեմբերին համերգ պիտի ունենայ Իտալիոյ Միլան քաղաքին մէջ` տօնելու իր բեմական գործունէութեան 70-ամեակը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ իտալական Spettacolo Musica Sport-ը:
«Երգիչ, դերասան, զբաղուած դիւանագէտ (Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան-խմբ.) 93-ամեայ երգիչը կը շարունակէ զարմացնել: Իր անսխալական ձայնով, որու շնորհիւ ստացած է «Շառլ Ազնաւոյս (թարգմ.` Ազնաձայն)» մականունը, Ազնաւուր ձայնագրած է շատ մեծ թիւով երգեր ու խաղցած ինը տասնեակի հասնող ֆիլմերու մէջ»,- կը գրէ լրատուամիջոցը:
2016-ին Ազնաւուրը համերգային միջազգային շրջագայութիւն ունեցած էր Ամսթերտամի, Տուպայի, Փրակայի, Օսաքայի, Թոքիոյի, Պարսելոնայի, Մոնաքոյի, Վերոնայի եւ այլ տեղեր:
Հոլիվուտի Փառքի ճեմուղիին վրայ, 24 Օգոստոս 2017-ին Շառլ Ազնաւուրին շնորհուած է 2618-րդ պատուոյ աստղը: