Quantcast
Channel:
Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Գրատպութեան Թանգարան

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ.- «Մեդիամաքս»ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքին մէջ բացուեցաւ Գրատպութեան թանգարան, որ կը ներկայացնէ հայ տպագրութեան անցած ճանապարհը:

Թանգարան հիմնելու գաղափարը ծնած էր 2012-ին, երբ կը նշուէր հայ գրատպութեան 500-ամեակը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Երեւանը կը հռչակէր Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք:

Թանգարանի բացման ներկայ էր մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:

Վեց ցուցասրահներու մէջ կը ներկայացուին նախագրային շրջանէն մինչեւ ժամանակակից տպագրութեան ուղին: Մեծ ցուցասրահ յատկացուած է հայ գրատպութեան «առաջնեկներուն». այցելուները կրնան տեսնել 1512 թուականին Վենետիկի մէջ հրատարակուած հայատառ առաջին գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»ը, առաջին Աստուածաշունչը, որ լոյս տեսած է 1666-ին Ամսթերտամի մէջ, առաջին ամսագիրը՝ Մատրասի մէջ տպագրուած «Ազդարար»ը: Այնտեղ կը ներկայացուի նաեւ ամբողջութեամբ հայատառ առաջին քարտէսը՝ «Համատարած Աշխարհացոյց»ը:

Թանգարանին մէջ կը ներկայացուին հայկական գրատպութեան մեծ կեդրոնները:

«Եւրոպական երկիրներու, Անդրկովկասի, արեւելքի, պատմական Հայաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ տպարաններ կը բացուէին, հայերէն տառեր կը ձուլուէին ու գիրքեր կը հրատարակէին:

Կարեւոր ցուցանմուշ ունինք: 1848 թուականին Շամախի՝ ներկայիս Ատրպէյճանի տարածքին մէջ, երեք հայ ընկերներ տպարան հիմնած են: Առաջին հրատարակութիւնը չունինք, բայց կայ 1851 թուականին տպագրուած «Գիտութիւն Շնորհաց»ը: Այդ տպարանին մէջ բաւական շատ հայերէն գիրքեր տպագրուած են», կ՛ըսէ Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Հայկանոյշ Ղազարեան:

Սրահներէն մէկուն մէջ կը ներկայացուին գրահրատարակչական արհեստագիտական միջոցներու զարգացման փուլերը՝ տպագրական հաստոցներէն մինչեւ ժամանակակից կրիչ սարքերը:

«Տպագրական երկու եզակի մեքենայ ունինք. անոնք շուրջ 100 տարեկան են՝ մէկը արտադրուած է Խորհրդային Միութեան մէջ, միւսը գերմանական է: Մեր տպարաններէն ձեռք բերած ենք, հազիւ կրցած ենք փրկել զանոնք, որպէսզի իբրեւ մետաղի ջարդօն չօգտագործուին», կը յայտնէէ Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան:

Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մամուլի եզակի նմուշներ եւ ազգային փոքրամասնութիւններու Հայաստանի մէջ տպագրուող մամուլի օրինակներ:

Ցուցանմուշներու հիմնական մասը վերցուած է հայատառ տպագիր նիւթի ամենամեծ պահոցի՝ Ազգային գրադարանի հաւաքածոներէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 415

Trending Articles