Սեպտեմբեր 22-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երուսաղէմահայ բանաստեղծուհի, արձակագիր, հրապարակախօս Անուշ Նագգաշեանի «Այդ սերմը ես էի» գիրքին շնորհանդէսը:
Ձեռնարկին իր օրհնութեան խօսքը բերաւ Հայր Կոմիտաս Վարդապետ Յովնանեան:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորանքի խօսքը փոխանցեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան` նշելով. «Անուշը մեզ հետ ու մեր կողքին է նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ անգամ Հայրենիքում չէ, իսկ երբ գալիս է Հայրենիք, իր հետ բերում է ողջ Սփիւռքը: Այս գրքում ներկայացնելով մեծ մօր` Աննա Նագգաշեանի` Հայոց ցեղասպանութիւնից փրկուելու եւ ողբերգութիւնը վերապրելու ողջ ուղին` Անոյշը տառապող հայի կերպարը չէ, որ կերտում է, այլ` արժանապատիւ ու հպարտ հայի»:
Սերժ Սրապիոնեան ընդգծեց, որ Անուշի մեծ մօր անցած ուղին հէնց Անուշի ուղին է, քանի որ մանկութենէն լսելով տատի պատմութիւնները` Անուշն ինքը ատոնք վերապրած է: «Մեծ մայրը իր զաւակին` Անուշի հօրը հեռու է պահում օտարազգի կնոջ հետ ամուսնանալու մտքից` որդուն յղուած հեռագրի միջոցով, որում նշուած էր. «Տղա՛ս, Հայաստանի զինուոր չեղար, Հայրենիքի համար արիւն չթափեցիր, սերմդ օտարի՞ն պիտի տաս»: Հասկնալով, որ այդ սերմը հէնց ինքն է` Անոյշ Նագգաշեան իր պարտքը կը համարէ թուղթին յանձնել տատի պատմութիւնը: Արդիւնքում` այժմ մեր ձեռքին է գեղարուեստական եւ սկզբնաղբիւրային կարեւոր արժէք ներկայացնող այս պատմութիւնը», – նշեց նախարարի տեղակալը:
Արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէնի տեղակալ, թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան ընդգծեց, որ Անուշ Նագգաշեանի գիրքն ունի քաղաքական, պատմագիտական-սկզբնաղբիւրային նշանակութիւն:
ԵՊՀ Հայ գրականութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆէսոր Սամուէլ Մուրադեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհանդէսը կազմակերպելու համար` նշեց, որ գիրքին մէջ կը տեսնէ ոչ միայն հեղինակ վաւերագրողին, այլեւ` գեղագէտին:
Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն, փրոֆէսոր Սուրէն Դանիէլեան ընդգծեց, որ Անուշ Նագգաշեանի հետ իւրաքանչիւր հանդիպումը գրականագէտի եւ գրողի լաւագոյն երկխօսութիւն է: «Գրքով ակնյայտ է դառնում, որ Անոյշը պատասխանատուութիւն է զգում ժամանակի հանդէպ, եւ այս ստեղծագործութեան մէջ զգում ենք էպիկականութեան շունչը», – նշեց Սուրէն Դանիէլեան:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ԵՊՀ Հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոնի դասախօս Նորայր Պօղոսեան: Հեղինակի գիրքէն հատուածներ ընթերցեցին Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սարգիս Նաջարեան եւ Վաղարշապատի Ռ.Պատկանեանի անուան թիւ 9 հիմնական դպրոցի սաները:
Շնորհանդէսի աւարտին ելոյթ ունեցաւ հեղինակը` Անուշ Նագգաշեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան` ձեռնարկը կազմակերպելու համար, եւ Հոգեշնորհ Տէր Ղեւոնդ Վարդապետ Յովհաննիսեանին` գիրքի տպագրութեան աջակցելու համար` հեղինակը նշեց, որ առանձնակի պատասխանատուութեամբ մօտեցած է գիրքի ստեղծման: «Ես կը խոնարհիմ իմ մեծ մօրս` Աննա Նագգաշեանի յիշատակին առջեւ եւ կը համարեմ, որ այպիսով իմ պարտքս կատարեցի անոր հանդէպ: Մեծ մայրս խոստացած էր ինծի` մինչ իր մահը պատմել կեանքի ողջ պատմութիւնը եւ այդպէս ալ ըրաւ: Պատմութիւնն աւարտելէ մէկ ամիս անց մահացաւ: Անոր եւ մեծհօրս թուրքերը հարկադրաբար վտարեցին մեր Հայրենիքէն` Քեմերեկէն: Բայց այսօր ես Հայաստան կանչած եմ աշխարհասփիւռ իմ բոլոր զարմիկներս ու զարմուհիներս, անոնց զաւակներն ու թոռները: Այսօր ես կը յայտնեմ, որ նոր Քեմերեկ ստեղծեցինք այստեղ` մեր մայր հողին վրայ: Ատոր համար ցանկացայ, որ այս գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունենայ իմ Հայաստանիս մէջ», – ըսաւ Անուշ Նագգաշեան:
Այնուհետեւ հեղինակը բեմ հրաւիրեց իր զարմիկներն ու զարմուհիները: Ձեռնարկը աւարտեցաւ գիրքի գինեձօնով: