ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային հիմնադրամը կոչ կ՛ուղղէ գիտահետազօտողներու, որ մինչեւ 15 Դեկտեմբեր 2017, հիմնադրամի հասցէին ուղարկեն անտիպ ուսումնասիրութիւններու օրինակ մը, որպէսզի միութեան կողմէ նշանակուած խորհրդատու գնահատիչ յանձնախումբը, յետ քննութեան եւ ընտրութեան՝ տուեալ գիտաշխատութիւնը ներկայացնէ հրատարակման:
Յայտերը պէտք է ելեկտրոնային (word կամ pdf) տարբերակով ուղարկել հիմնադրամին՝ agbu.vafund@yahoo.com հասցէով:
Մասնակցութեան պայմաններ.
ա. Ներկայացուած նիւթերը պէտք է վերաբերին հայագիտութեան, ըլլան՝ քննական, բանասիրական, պատմաբանասիրական, կամ առնչուին հայ իրականութեան՝ ընկերաբանական, մարդաբանական, հոգեբանական, երաժշտագիտական, կերպարուեստի, գրականութեան, պատմութեան, գաղութներու, Սփիւռքի, ձեռարուեստի, նրբարուեստներու վերլուծման կամ տեսաբանական բնոյթով:
բ. Ներկայացուած նիւթերը կրնան առնչուիլ Հայաստանը կամ Սփիւռքը տագնապեցնող որեւէ հարցի՝ լեզուական, ժողովրդագրական, քաղաքական, Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ-թուրք յարաբերութիւններու, հայկական համարկումի, ինքնութեան, եւ այլն:
գ. Ներկայացուած նիւթերը կրնան ըլլալ գիտատեսական ու քննավերլուծական բնոյթի, պարտին ըլլալ ամբողջական, անտիպ եւ ունենալ գիտական հիմնաւորում:
դ. Հրատարակութեան կրնան արժանանալ հայերէնով կամ անգլերէնով աշխատանքներ, թէեւ մէկէ աւելի թեկնածու գործերու պարագային՝ ընթացիկ տարուան համար նախապատուութիւն կրնայ տրուիլ արեւմտահայերէնով ներկայացուած աշխատանքներու:
ե. Մէկէ աւելի արժանի գործերու պարագային՝ յանձնախումբը կը յանձնարարէ յաւելեալ գործերու հրատարակումը յաջորդական տարիներու ընթացքին, նոր ստացուած եւ հրատարակման արժանի այլ ձեռագիրներու հետ զուգահեռ:
Այլ մանրամասնութիւններ.
Հրատարակութեան արժանացած աշխատասիրութեան հեղինակը կը ստանայ հրատարակուած գիրքերու քանակին 50 տոկոսը. տպաքանակը 500 օրինակ է:
Նիւթերը պէտք է ներկայացուին համակարգչային շարուածքով, 12 չափի տառատեսակով (size 12 font) եւ կրկնակ տողանջատումով (double space):
Ներկայացուած աշխատասիրութեան հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի նոյնինքն հեղինակին:
Մրցանքին արդիւնքը, ըստ գնահատիչ յանձնախումբի որոշումին, հրապարակաւ կը տեղեկացուի հանրութեան՝ բացայայտելով հրատարակութեան արժանացած գիրքին անունը:
Գնահատիչ յանձնախումբը կրնայ հրատարակութեան մրցանակին արժանացած ուսումնասիրութեան հեղինակին առաջարկել ձեռագիրի բովանդակութեան իր նկատողութիւնները:
Հրատարակելի որեւէ գիրքի ծաւալ պէտք է բաղկացած ըլլայ նուազագոյնը 144 էջէ (13ով 24 սմ.), 36 տողի հաշիւով:
Նշենք, որ ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային հիմնադրամի նորագոյն հրատարակութիւններն են՝ «Վան Վասպուրականի Ազգային Բնորոշ Երգային Նմոյշներ» (2015), հեղինակ՝ Պետրոս Յ. Ալլահայտոյեան, եւ «Գրիգոր Նարեկացու Գանձարանը. Վերծանութիւն Եւ Քննութիւն» (2016), հեղինակ՝ Հենրիկ Բախչինեան։